2014-02-21 09:36:54

Պրազիլի նախագահ` տիկին Տիլմա Ռուսէֆի այցելութիւնը Վատիկան։


Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, 21 փետրուարի երեկոյեան, իր գրասենեակին մէջ կ՛ընդունի Պրազիլի նախագահ` տիկին Տիլմա Ռուսէֆը։ Հանդիպումը տեղի կ'ունենայ ընտանիքի մասին կարտինալական ժողովին աւարտին։
Պրազիլի նախագահը Վատիկան կու գայ ներկայ գտնուելու, 22 փետրուար 2014-ին, Կարտինալական ընդհանուր ժողովին առթիւ` Ռիօ տը Ժանէյրոյի թեմի առաջնորդ` Արքեպիսկոպոս Օռանի Թեմբեսդայի կարտինալական պատւոյն տուչութեան արարողութեան։
Նշենք որ ներկայիս Պտազիլի եկեղեցին ունի տասը կարտինալներ, որոնց հինգը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով։
Այս երկրորդ անգամն է որ Պրազիլի նախագահը Վատիկան կ'այցելէ։ Առաջին անգամ ներկայ գտնուեցաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գահակալութեան արարողութեան, անցեալ մարտ 2013-ին։ Իսկ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Պրազիլ այցելութեան ընթացքին, երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, յուլիս 2013-ին, Պրազիլի Նախագահը բազմաթիւ առիթներով հանդիպում ունեցաւ Արբազան Քահանայապետին հետ:
Ուրբաթ երեկոյեան հանդիպման ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց դարձեալ իր սիրոյ ջերմ զգացումները յայտնել Պրազիլի ժողովուրդին։ Նախագահ Ռուսսէֆ Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց` Պրազիլի ոտնագունդի հաւաքականի երկու շապիկներ` մէկը ստորագրուած նշանաւոր մարզիկ Փելէէն իսկ երկրորդը Ռոնալտոյէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.